2014-03-27 11:28:33

''Անձեր ու իշխանութիւններ ժամանակաւոր են. մնայունը` հայրենիքն է''` ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։


Չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազանը Վեհափառ հայրապետը, ողջունելէ ետք լիբանանահայութիւնը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր մարմիններուն ու զաւակներուն , ապա անդրադառնալով ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապին ու յատկապէս վերջին օրերուն Քեսապի մէջ ստեղծուած տագնապալից կացութեան: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ կը մնայ հաւատարմօրէն կապուած սուրիական հայրենիքին ու անոր գերագոյն շահերուն: Անձեր ու իշխանութիւններ ժամանակաւոր են. մնայունը` հայրենիքն է` իր ժողովուրդով ու իր արժէքներով: Մենք միշտ կը մնանք երախտապարտ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին: Ինչ որ պատահեցաւ Քեսապի մէջ, մենք անոր ետին կը տեսնենք նոյն արիւնարբու թշնամին: Ահա երրորդ անգամ ըլլալով ցեղասպան թուրքը գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները Քեսապէն: Այս կացութեան դիմաց մեր ժողովուրդը չի կրնար լուռ մնալ: Քեսապի մեր ժողովուրդը պէտք է շուտով վերադառնայ Քեսապ եւ տէր կանգնի իր տուներուն, գործատեղիներուն, ազգային կառոյցներուն»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տէր կանգնեցաւ գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին: Եւ այսօր այդ նուիրական պարտականութեան լծուած ենք մենք` իբրեւ կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն: Ու հազար փառք Աստուծոյ, որ այսօր մեզի հետ են մեր հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Ո՛չ ոք կրնայ մեզ հեռացնել մեր իրաւունքներէն: Թող վստահ ըլլայ Քեսապի հայութիւնը, որ մենք պիտի մնանք իր կողքին` թէ՛ քաղաքական գետնի վրայ եւ թէ՛ ընկերային աջակցութեան ծիրին մէջ միշտ զօրավիգ կանգնելու Քեսապի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.